2016-08-14 13:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 14 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Հոգւոյն կրակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 14 օգոստոս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը` քաղուած օրուան աւետարանէն (Ղուկ. 12, 49-53) ուր Ղուկաս աւետարանիչ կը մատնանշէ Յիսուսի առաքելութեան նպատակին զոր Յիսուս կը ներկայացնէ երեք պատկերներու ընդմէջէն. կրակ, մկրտութիւն եւ բաժանում։

Այսօր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուզեմ խորհրդածել առաջին պատկերի մասին` կրակը։

«Երկրի վրայ կրակ գցելու եկայ. եւ ինչքա՜ն եմ կամենում, որ արդէն իսկ բորբոքուած լինի» կ՛ըսէ Յիսուս։ Կրակը որուն մասին կը խօսի Ան, Սուրբ Հոգւոյն կրակն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Կրակը որ մենք կ՛ընդունինք Մկրտութեան օրը, որ է արարչագործ կրակ որ կը բիւրեղացնէ եւ կը նորոգէ ամէն մէկ եսասիրութիւն, ամէն մէկ մեղք եւ կը կերպարանափոխէ սրտերը, մեզ կը վերակենդանացնէ ու կարող կը դարձնէ սիրելու։

Յիսուս կը փափաքի որ Սուրբ Հոգին բոցավառէ մեր սրտերը որովհետեւ միայն սրտէն մեկնելով է որ Աստուածային սէրը կրնայ աճիլ ու զարգացնել Աստուծոյ Արքայութիւնը։ 

Եթէ մենք բացուինք Սուրբ Հոգւոյն այս կրակի ներգործութեան­, Ան մեզի պիտի տայ քաջութիւնն ու կորովը բոլորին հռչակելու Յիսուսը ու անոր ողորմութեան եւ փրկութեան մխիթարիչ պատգամը, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ Եկեղեցին կարիքը ունի Սուրբ Հոգւոյն օգնութեան, որպէսզի կարենայ պատնէշներն ու խոչընդոտները գերազանցել ու դառնալ ստեղծագործ ապա քալել նոր ու անհանգստաւէտ ճանապարհներու վրայ յոյս նուիրելով բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպի։

Սուրբ Հոգւոյն այդ կրակով մենք կոչուած ենք միշտ աւելիով դառնալու կերպարանափոխուած հասարակութիւն եւ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունինք քահանաներու,  նուիրեալ անձերու եւ աշխարհականներու որոնք միշտ աւելիով ուշադիր ըլլան առաքելութեան ու գիտնան յուզուիլ ու կանգ առնել հոգեկան եւ նիւթական աղքատութիւններու դիմաց։

 

Սուրբ Հոգւոյն այդ կրակն է որ մեզ կը դարձնէ ուրիշներու մօտիկ, անոնց որոնք կը տառապին…թշուառները, գաղթականները, փախստականները…. ըսաւ Սրբազան Պապը ու մատնանշեց այն քահանաներուն եւ աշխարհական հաւատացեալներուն որոնք համայն աշխարհին մէջ սիրով եւ հաւատարմութեամբ  նուիրուած են Աւետարանի հռչակումին, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհելով։ Անոնց վկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ եկեղեցին կարիքը չունի գործակալներու այլ միսիոնարներու որոնք  Յիսուսի մխիթարիչ խօսքը ամենուրէք տանելու գորովով տոգորուած ըլլան։ Այս է Սուրբ Հոգւոյն կրակը ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց Եկեղեցւոյ` թոյլ տալու որ այդ կրակը մուտք գործէ, որպէսզի չդառնայ գաղջ եկեղեցի մը, անկարող կեանք պարգեւելու.... ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի Երկնաւոր Հօրմէն մեզի համար հայցէ Սուրբ Հոգւոյն զեղումը` աստուածային այդ կրակը որ մեր սրտերը կը ջերմացնէ ու մեզ կ՛օգնէ ըլլալու աւելի զօրակից մեր եղբայրներու տառապանքներուն եւ ուրախութիւններուն։

Այս մեր ուղեւորութեան մէջ մեզի թիկունք կանգնի նաեւ Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէն, ողորմութեան նահատակը, որուն տօնը կը նշուի այսօր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան, աւարտին խնդրելով որ ան մեզի սորվեցնէ ապրիլ սիրոյ կրակը` Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.